Երեւան կը գնահատէ Իրանի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ «Էքս»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան` տեղեկացնելով, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նորանշանակ փոխնախարար Մաճիտ Թախթ Ռաւանչիի հետ:
Կոստանեան տեղեկացուց, որ զրոյցին ընթացքին վերջին զարգացումներուն շուրջ միտքեր փոխանակուեցան:
Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է նաեւ Ռաւանչի՝ վերահաստատելով Թեհրանի «մեծ փափաքը»` ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր դրացիներուն հետ:
«Ես նաեւ արտայայտեցի մեր սկզբունքային դիրքորոշումը՝ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ», գրած է Ռաւանչի` ընդգծելով, որ ընդունած է Երեւան այցելելու Կոստանեանի հրաւէրը: