«Մենք 44օրեայ պատերազմից յետոյ ունենք անհետացած զէնքի մեծ քանակ», 12 Սեպտեմբերի կառավարութեան նիստին ընթացքին, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով.
«Հայաստանի ժողովրդին, մարդկանց, ընդդիմութեանը այդ թւում, ահռելի քանակութեամբ զէնք ա բաժանուել՝ իմ որոշմամբ», աւելցուց ան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն գրեթէ չորս տարի ետք յայտնի չէ, թէ նշեալ զէնքերը ո՛ւր են: Զէնքով յանցագործութիւններու թիւի աճի լոյսին տակ, Փաշինեան նիստին ընթացքին միայն հաստատեց, որ այս ընթացքին մեծ արդիւնք չէ արձանագրուած: Սակայն, ան յայտնաբերուած զէնքերուն վերաբերեալ վիճակագրութիւն չներկայացուց: Հարցը, ըստ էութեան, այնքան լուրջ է, որ հասած է մինչեւ Անվտանգութեան խորհուրդին:
«Ներքին գործերի նախարարին այդ թեմայով տուել եմ յանձնարարականներ, որ մենք զէնքի, ապօրինի զէնք-զինամթերքի փնտռտուքի հետ կապուած մեր մեթոդաբանութիւնները պէտք է որոշակի վերանայենք, որովհետեւ էն մեթոդաբանութիւնները, որոնցով մենք աշխատել ենք, իրենք այլեւս չեն համապատասխանում նոր մարտահրաւէրներին: Եւ պէտք է ասեմ՝ ինչքան հասկանում եմ, էդ նոր մեթոդների կիրառութեամբ մենք արդէն որոշակի ոչ մեծ, բայց, ոչ թէ յաջողութիւն, այլ արդիւնքներկան՝ էդ մեթոդով կարողանում ենք ապօրինի զէնք-զինամթերք յայտնաբերել», ըսաւ Փաշինեան:
Մինչ այդ, ամիսներ առաջ, ներքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնած էին, թէ գնդացիրերու զգալի քանակի մը վայրը արդէն յայտնաբերած են:
«Մենք հիմա պէտք է կենտրոնանանք հրազէնի հետ կապուած խնդիրների վրայ, ի հարկէ՝ ուշադրութիւնը չշեղելով միւս յանցատեսակներից», ըսաւ Փաշինեան:
«Ազատութիւն»ը կը յայտնէ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին, թէ՛ ներքին գործոց փոխնախարարը, թէ՛ Փաշինեան եւ թէ միւս պաշտօնեաները չյստակացուցին, որ ինչպէ՞ս պետութիւնը ցարդ չէ կրցած յայտնաբերել իր իսկ կողմէ բաժնուած զէնքերուն ճակատագիրը: Անոնք միայն հաստատեցին, որ այս տարուան 8 ամիսներու ընթացքին, շուրջ 55 տոկոսով աւելցած է հրազէններով եւ այլ ռազմամթերքներով յանցանքներու թիւը:
«Մեծ ուղղութիւններով ունենք նուազում, հրազէնի գործադրման հետ ունենք աճ», յայտնեց Փաշինեան:
Ըստ վիճակագրական կոմիտէին՝ 2023ի 8 ամիսներու ւնթացքին, հրազէններով եւ այլ ռազմամթերքներով 44 յանցանքներ գործուած են, իսկ 2024ի նոյն ժամանակաշրջանի դէպքերուն թիւը հասած է 68ի:
2020ի պատերազմի աւարտէն ամիս մը ետք, Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնեց Արցախէն Հայաստան ապօրինի զէնք-զինամթերք տեղափոխելու առիթով յարուցուած արաւել քան 50 քրէական գործերու ու մեղադրեալներու մասին: Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ այս գործերուն միայն մէկ մասը հասած է դատարան: