Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Գերմանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէ, արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրելով կ՛ըսէ. «Կանոնները բիւրեղի պէս յստակ են՝ ԵԽԽՎ վերադառնալու համար. Ատրպէյճան պէտք է առանց որեւէ նախապայմաններու հետեւի ԵԽԽՎի կանոններուն»:
Նշենք, որ Ալիեւ ըսած էր, թէ ԵԽԽՎի պատգամաւորներու Ատրպէյճան մուտքի արգելքը պիտի վերցուի վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան իրաւունքներու վերականգնումէն ետք:
«Կարելի չէ ԵԽԽՎին սպարնալիք կարդալ. պայմանները շատ յստակ են. Ատրպէյճան պէտք է պահպանէ Խորհրդարանական վեհաժողովի բոլոր կանոնները՝ առանց «եթէ» եւ «բայց»ի, քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին, իսկ Ատրպէյճան պէտք է բոլորովին համագործակցի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէին հետ: Եւ, անշուշտ, մուտքի արգելքներ պէտք չէ ըլլան», կը յայտնէ Շուապէ: