Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Պելոռուսի մէջ բնակող զանազան ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ «հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններու պահպանման օգտին»:
«Լաւ պիտի ըլլար, որ, ինչպէս նախապէս, լաւ յարաբերութիւններ կառուցէինք Հայաստանի հետ՝ հակառակ բոլոր թերութիւններուն եւ նրբերանգներուն: Հաւատացէք, ասիկա բացարձակապէս մեր մեղքը չէ: Մենք ամէն ձեւով փորձած ենք օգնել հայերուն, համագործակցած ենք ինչպէս ամէնէն մօտիկ մարդոց հետ, ամէն կերպով օգնած ենք: Բայց, տեսէք, անոնք ուզեցին երթալ դէպի Արեւմուտք, Եւրոպական Միութիւն: Ի՞նչ Արեւմուտք: Մենք դէմ չենք համագործակցութեան Արեւմուտքի, ամերիկացիներուն հետ, բայց տեսէք անոնց քաղաքականութիւնը… Վաղը Ամերիկայի մէջ իշխանութեան պիտի գայ նոր ղեկավարութիւն, նոյնիսկ հին ու նոր (Քամալա Հարիս եւ այլն), տեսէք, քաղաքականութիւնը բոլորովին այլ պիտի ըլլայ: Անոնց սովորութիւնն է. «Ո՞վ էք դուք, մենք ձեզ չենք ճանչնար»: «Դուք չէ՞ք գիտեր, մենք ձեզի հետ ընկերներ եղած ենք, դուք մեզի զէնք մատակարարած էիք»: «Ո՛չ, այդ մենք չէինք», Միացեալ Նահանգներու մէջ հաղորդակցութեան իր օրինակը տուաւ Լուքաշենքօ:
Ան դիտել տուաւ, որ այս է անոնց քաղաքականութիւնը: «Եւ ես այս մասին անընդհատ ըսած եմ ձեր ղեկավարութեան: Եթէ ըսեմ՝ չէք հասկնար, ուրեմն ես արդէն հին մարդ եմ քաղաքականութեան մէջ: Ես շատ բան տեսած եմ: Կարելի չէ անոնց վստահիլ», ըսաւ Լուքաշենքօ՝ աւելցնելով. «Հայերը շատ խելացի մարդիկ են: Մօտիկ ապագային անոնք պիտի յայտնաբերեն, թէ ո՛ւր է իրենց երջանկութիւնը»: