Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ սովորական է անակնկալ պահուն յայտնուած դէպքի մը՝ ամբողջ երկիրը զբաղեցնելու երեւոյթը։
Այդպէս եղաւ, երբ երկրին ռազմական երեք վարժարաններու սպաները իրենց երդման արարողութեան ընթացքին վանկարկեցին «Մուսթաֆա Քեմալի զինուորներն ենք» կարգախօսը։
Արդարեւ, այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ցամաքային, ծովային եւ օդային ուժերուն համար սպայ պատրաստող երեք դպրոցներուն մէջ առաջին դիրքերը գրաւած էին կանայք։ Անոնք նախ արտասանեցին սպաներու յատուկ եւ արդէն տարիներէ ի վեր կրկնուող երդման օրինաւոր պատճէնը։ Անկէ անմիջապէս ետք լսուեցաւ վերոնշեալ վանկարկումը, որ միաբերան կը հնչէր բոլոր սպաներուն մասնակցութեամբ։
Իշխանամէտ շրջանակներ պախարակեցին այս վանկարկումը, զայն դաւադրութեան համազօր նկատելով։ Նոյնիսկ գտնուեցան կարգ մը յօդուածագիրներ, որոնք այդ վանկարկումը մեկնաբանեցին յեղաշրջման ու իշխանափոխութեան կոչ ըլլալով։
Աղմուկը ազդեցութիւն գործեց նաեւ համախոհական կառավարութեան շրջանակներու մօտ, սակայն մինչ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան շրջանակները կը դատապարտէին կատարուածը, «Ազգային շարժում» կուսակցութենէն ոմանք գնահատեցին զայն։ Սակայն,աւելի ուշ, իշխանութեան կրտսեր գործընկեր Տեւլեթ Պահչելի միացաւ մեղադրողներու շարքին։
Այս պարզ օրինակին հետեւելով, կարելի է տեսնել, թէ Էրտողանի կառավարութեան զօրակցողներու մօտ սարսափի ինչպիսի հոգեբանութիւն կը տիրէ, մանաւանդ զինուորական շրջանակներէ հաւանական հակազդեցութեան հանդէպ։
Միւս կողմէ, դարձեալ աջակողմեան, պահպանողական եւ յատկապէս կրօնամոլ մամուլի գրիչներ լուսարձակի տակ կ՛առնեն երեք դպրոցներուն լաւագոյն շրջանաւարտներուն կին ըլլալու հանգամանքը։ «Պատահականութիւն չի կրնար ըլլալ, ուրեմն այս ալ դաւադրութեան մէկ բաժինն է», կը պնդեն անոնք։
Նոյնիսկ կան առաջարկողներ, որ այս տարուան շրջանաւարտներու զինուորական կոչումները ջնջուին եւ անոնք հեռացուին բանակէն։
«ԺԱՄԱՆԱԿ»