Ուրբաթ, 30 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին այցելութիւն տուին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Գրոց սերտողութիւն կատարող Գրիգոր Մսըրլեանի խումբէն անդամներ, որոնք շնորհաւորեցին եւ խնդակից դարձան Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդական ընտրութեան եւ անոր մաղթեցին արեւշատ օրեր. ապա իրենց խումբի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին առաջնորդ սրբազան հօր:
Առաջնորդը գնահատեց խումբին հոգեւոր գործունէութիւնը շրջանի հայութեան քրիստոնէական կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ Հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութիւնը մեր ժողովուրդին հոգեբարոյական կերտուածքին մաս կը կազմէ: