«Իսրայէլ միջնորդներու ճամբով մեզի ուղղեց պատգամ մը, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումով հետաքրքրուած չէ, նոյնիսկ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք», «Ճազիրա» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը Պու Հապիպի ցուցմունքով, Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի թիւ 1701 որոշումին բոլոր կէտերը գործադրէ:
«Թիւ 1701 որոշումին ամբողջական գործադրութիւնը կը նշանակէ Իսրայէլի` լիբանանեան բռնագրաւեալ բոլոր հողերէն հեռացումը, Լիբանանի գերիշխանութեան վրայ անոր յարձակումներուն, լիբանանցի քաղաքայիններու եւ քաղաքային վայրեր թիրախ դարձնելը դադրեցնելը», կ՛ըսուի կոչին մէջ։
Մինչ այդ, Լիբանանի քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու երեք անդամներ զոհուեցան եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ, երբ իրենց հրշէջ ինքնաշարժը իսրայէլեան օդային յարձակումի մը ենթարկուեցաւ: Հրշէջ ինքնաշարժը Շաբաթ գիշեր, Նապաթիէի Ֆարուն գիւղին մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք իսրայէլեան օդային յարձակումի մը ենթարկուեցաւ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց յարձակումը՝ նշելով, որ քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու անդամները գիւղին մէջ իսրայէլեան յարձակումէն յառաջացած հրդեհները կը մարէին։
«Լիբանանի վրայ այս նոր յարձակումը բացայայտ ոտնահարում է միջազգային օրէնքներու եւ բացայայտ յարձակում մարդասիրական արժէքներու վրայ, ինչ որ իսրայէլացի թշնամիին համար արտառոց բան մը չէ, եւ մենք ականատեսը կը դառնանք լիբանանեան շրջաններուն վրայ, նաեւ պաղեստինեան հողերուն վրայ անոր իրերայաջորդ ոճիրներուն», աւելցուց Միքաթի: