ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, 25 Օգոստոսին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը եւ հոգեհանգիստ մը ցեղասպանագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան հինգերորդ տարելիցին առիթով, մասնակցութեամբ «Արարատ Տան» «էսքիճեան» թանգարանին, «Նոր Սերունդ»ին, Համազգայինի, Իրանահայ եւ Իրաքահայ միութիւններուն, Ազգային Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ընկերակցութեան (NAASR), «Խոստում» հայկական հիմնարկին (PAI) եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
Բացման խօսքը կատարեց Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ միութեան հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ մասնակցող բոլոր քոյր միութիւններուն, կազմակերպիչներուն, Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետներուն եւ վարչականներուն, մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ հրաւիրեց բոլորը վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ փրոֆ. Տատրեանի յիշատակին, ապա հրաւիրեց հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանի, ինչպէս նաեւ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու:
Տէրունական աղօթքէն ետք, ամպիոն հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավար Մանուկ Սուրէն Աւետիքեանը՝ զաւակը տոքթ. Յովհաննէս եւ Սեդա Գուլակ Աւետիքեաններուն, որ նախապէս աշխատած է «Շօա» հիմնարկին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան վկայութիւններու բաժինին մէջ, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի USC-ի «Քալիֆորնիոյ պատմութիւնը հայկական փորձառութիւններու միջոցով» եւ «Իմ հայկական պատմութիւնը» ծրագիրներուն վրայ:
Հանդիսավարը բարի գալուստ մաղթեց հանգուցեալ փրոֆ. Տատրեանի հինգերորդ տարելիցին առիթով հաւաքուած ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ յատկանշական նկատեց, որ Թուրքիոյ մէջ ծնած եւ հայկական դպրոցներու մէջ ուսանած Տատրեան, որ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կնքահայրերէն մէկը, որ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հետ ճամբայ հարթեց նոր գիտնականներու սերունդի:
Ապա հանդիսավարը ներկայացուց երեք յաջողակ կիներ՝ ընթերցելով առաջին զեկուցող՝ «Էսքիճեան» թանգարանի երկարամեայ եւ անխոնջ տնօրէնուհի՝ Մէկի Մանկասարեան Կօշինի հակիրճ կենսագրականը:
Մանկասարեան Կօշին սահիկներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ փրոֆ. Տատրեանի դասախօսութիւններուն, անոր ակադեմական կեանքին, մատենադարանին, հրատարակչութիւններուն, գեղանկարչութիւններուն եւ ընտանեկան պատկերներուն մասին, նաեւ այն գիւղին մասին, ուրկէ եկած է Տատրեանի ընտանիքը։
«Զում»ով միացաւ նաեւ դոկտ. Աննա Ալեքսանեան, որ խօսեցաւ Տատրեանի արխիւին բովանդակութեան, կատարած ուսումնասիրութեան եւ յատկապէս համեմատական ցեղասպանագիտութեան մէջ անոր կենսական դերին մասին: Տատրեան հսկայական ժառանգութիւն ձգած է մեզի, որ այսօր կը գտնուի «էսքիճեան» թանգարանին մէջ, եւ շնորհիւ փրոֆ. Թաներ Աքչամի, «Խոստումը» հիմնարկին եւ «Արարատ Տան» ջանքերուն, հասանելի պիտի դառնայ համացանցի վրայ:


Յաջորդ բանախօսն էր դոկտ. Լուսինէ Սահակեան, որուն հակիրճ կենսագրականը ներկայացուեցաւ, որմէ ետք, ան միացաւ ներկաներուն՝ «Զում»ով:
Դոկտ. Սահակեան մեծ պատիւ համարեց իր մեծարումը եւ յայտնեց, թէ շատ մեծանուն գիտնականի մը յիշատակը մշտապէս վառ պահելը եւ անոր թողած գիտական վաստակը սերունդներուն փոխանցելը կարեւոր է: Վահագն Տատրեանն էր որ հարթեց գիտական բարդ մայրուղի մը, որուն արահետներով շարունակեցին եւ կը շարունակեն մերօրեայ շատ գիտնականներ: Դոկտ. Սահակեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Տատրեանի գիտական գործունէութեան՝ զայն բնութագրելով իբրեւ «իրական առասպել» մը: Ան կարեւոր նկատեց յատկապէս միջազգային իրաւագիտութեան եւ ոճրագիտութեան մէջ անոր ներդրումները եւ անոր դասախօսական ասպարէզը:
Ապա, տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, միութեան նախկին ատենապետ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչ, Գործադիր յանձնախումբի քարտուղար Սերժ Պուլանըքեան եւ Մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ Կարպիս Սարաֆեան, միութեան նախկին ատենապետներէն տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան եւ հանդիսավարը կատարեցին շքանշանի տուչութիւնը:
Շքանշանը Սիմոն Աճըիլաչի ձեռամբ յանձնուեցաւ Մէկի Մանկասարեան Կօշինին, որ իր կարգին պիտի ուղարկէ Հայաստան՝ յանձնուելու համար դոկտ. Լուսինէ Սահակեանին:
Շնորհաւորանքներով, աղօթքով եւ Պոլսահայ միութեան հանդէպ գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաները իրարու հետ մտերմիկ զրոյցներ ունեցան։
Նշենք, թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած եւ միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնները տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութիւն: