Իզմիրի մէջ ամերիկացի երկու զինուորներու վրայ յարձակումի մը պատճառով մօտաւորապէս 15 թուրք ազգայնամոլներ ձերբակալուեցան, հաղորդեցին Իզմիրի կառավարիչի գրասենեակը եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Յարձակումը կազմակերպուած էր թուրք ազգայնամոլներու «Վաթան» կուսակցութեան երիտասարդական թեւին կողմէ:
Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «նեղացած» է յարձակումին պատճառով, սակայն աւելցուց, որ Սպիտակ տունը «կը գնահատէ այն, որ թրքական ոստիկանութիւնը այս դէպքը լուրջի կ՛առնէ եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կ՛ենթարկէ»:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաստատեց յարձակումին լուրը` նշելով, որ «Ուասպ» մարտանաւին վրայ ծառայող ամերիկացի զինուորները այժմ ապահով են:
Յարձակողները հրապարակեցին տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւին մարդիկ, որոնք զինուորներէն մէկը բռնած են եւ անոր գլխուն ճերմակ տոպրակ կ՛անցընեն, իսկ անոր կցած են հետեւեալ գրութիւնը. «Իրենց ձեռքերը մեր զինուորներու եւ հազարաւոր պաղեստինցիներու արիւնով ներկուած ամերիկացի զինուորները չեն կրնար մեր երկիրը սրբապղծել»:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նախապէս հաղորդած էր, որ «Ուասպ» նաւը այս շաբթուան մէջ Եգէականի ծովեզերքը եղող Իզմիր քաղաքը պիտի այցելէ: Մարտանաւը շրջանը ուղարկուած է Իսրայէլը պաշտպանելու նպատակով: