

Կիրակի, 25 Օգոստոսին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Վենթուրա գաւառի նորակազմ համայնքի տարեկան դաշտահանդէսին, ուր նաեւ Վերափոխման տօնին առիթով նախագահեց Խաղողօրհնէքի արարողութեան:
Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեանի եւ Ծխական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Իր սրտի խօսքին մէջ, առաջնորդը բարձր գնահատեց Գէորգ քհնյ. Աբեանի նուիրեալ ծառայութիւնը, որ եկեղեցւոյ եւ մեր հայկական արժէքներուն շուրջ կը համախմբէ համայնքի զաւակները եւ երիտասարդները: Ան նաեւ գնահատեց մեծ թիւով ընտանիքներու եւ մանաւանդ պատանիներու ու երիտասարդներու մասնակցութիւնը եւ անոնց ներգրաւումը համայնքային կեանքին, որ շօշափելի արտայայտութիւնն է Արեւմտեան թեմի ամբողջ տարածքին տարուող հովուական, ծխական, երիտասարդական, շինարարական ու կրթական բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնք առողջ եւ կենսունակ կը պահեն համայնքներու կեանքը եւ կ՛երաշխաւորեն անոնց հզօրացումը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ