
Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Քրետէյի Հայոց հոգեւոր առաջնորդ Եզնիք արք. Պետրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին՝ Կիրակի, 25 Օգոստոսին, եկեղեցւոյ Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը։ Ներկայ էին գաղութի անդամներ, յոյն բարեկամներ եւ Ֆրանսայէն այցելու հայեր։
Բացման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։ Ան վեր առաւ քանի մը յօդուածներ եւ ընդգծեց անոնց միջոցաւ գիրքին միտք բանին։ «Հայկական Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը», ըսաւ սրբազանը։
Ընկերաբան-լեզուաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիրքին խմբագիրը՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, ներկայացուց խմբագրական աշխատանքին տարբեր հանգրուանները։ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նաեւ խօսեցաւ հայ մշակոյթը եւ մայրենի լեզուն պահպանելու կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս այս գիրքը կը նպաստէ հայ մշակոյթին եւ լեզուն պահպանելու գործի սատարման։


Գիրքին հեղինակը՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, խօսեցաւ մէկ կողմէ գիրքին տարբեր հատուածներուն եւ մասերուն մասին, միւս կողմէ ներկայացուց իր փորձառութիւն-տպաւորութիւնները տարբեր գաղութներ իր այցելութիւններուն մէջէն եւ ունեցած հանդիպումները հայերու հետ։ Ան առաւել քան իննսուն երկիրներ ճամբորդած է իր ասպարէզին միջոցաւ եւ ժամանակ տուած է նաեւ տեսնելու հայկական իրականութիւնները։
Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ սփիւռքահայ իրականութիւններուն եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին ու հայրենիքի կարեւոր դերը հայապահպանման եւ ազգային ինքնութեան ու գիտակցութեան պահպանումին մէջ՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։ Ան քաջալերեց քրետէահայ գաղութը չյուսահատիլ հայապահպանման իր առաքելութեան մէջ։ «Հայապահպանման մեծ պատերազմին մէջ ենք բոլորս եւ տարբեր գաղութներու մէջ», ըսաւ դոկտ. Ճէպէճեան՝ աւելցնելով. «Այս պատերազմը որքան ալ դժուար ըլլայ, պիտի չյուսահատինք»։
Փակման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը որ նաեւ հակիրճ կերպով տուաւ նկարագրականը արտասանուած խօսքերուն յունարէնով՝ նկատի ունենալով, որ ելոյթին ներկայ էին եկեղեցւոյ յոյն բարեկամները։
Շնորհահանդէս-ներկայացումէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը։