
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը 9էն18 Հոկտեմբեր 2024ին կազմակերպած է հայ գիրքի համահայկական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին հրաւիրուած են մասնակցելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի հրատարակչատուներ, անհատ հրատարակիչներ եւ հեղինակներ:
Ցուցադրութեան համար նկատի առնուած են 2014էն 2024 ժամանակաշրջանին լոյս տեսած հրատարակութիւնները:
Ցուցահանդէսին ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ կազմակերպել գրական հանդիպումներ, գիրքերու ներկայացումներ եւ գեղարուեստական յայտագիրներ մը:
Գրացուցակները պէտք է հրատարակչատուն հասած ըլլան մինչեւ 31 Օգոստոս 2024:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել՝ գրելով bookstore@hamazkayin.com ե-նամակի հասցէին կամ «ՈւաթցԷփ»ի (WhatsApp) 00961-70-580167 թիւին միջոցով։