Ատրպէյճանի ուժանիւթի փոխնախարար, Ատրպէյճանի COP29-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Էլնուր Սոլթանով յայտարարեց, որ առաւել քան 50 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ հաստատեցին COP29-ին իրենց մասնակցութիւնը:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ այդ թիւը պիտի աւելնայ: Հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանը», թրքական «Անատոլու» գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Սոլթանով։
Երեւան տակաւին չհաստատեց, թէ արդեօք հայկական պատուիրակութիւն մը COP29-ին մասնակցելու համար Պաքու պիտի մեկնի՞ ։
ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը Ատրպէյճանի մէջ գումարելու որոշումը տրուեցաւ նախորդ Դեկտեմբերին` Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումէն եւ Արցախի հայաթափումէն ընդամէնը երեք ամիս ետք։
Որոշումը տրուեցաւ նաեւ Երեւանի աջակցութեան շնորհիւ, որուն դիմաց Պաքու համաձայնած էր 32 հայ ռազմագերիներ ազատ արձակել: