«Իրաւունք ունինք մեր գերիշխանութեան վրայ յարձակումին հակադարձելու, եւ պատշաճ ժամանակի մը այդ քայլը պիտի առնենք», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի՝ աւելցնելով. «Շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումին չենք ձգտիր եւ կը զօրակցինք Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու ջանքերուն»:
Քենաանի ողջունեց «Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ սիոնական գոյացութեան վայրագ ոճիրներուն վերջ տալու անկեղծ որեւէ ջանք»:
«Ամերիկեան վարչակազմը բաւարար ուժ ունի իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու, սակայն մինչեւ հիմա այդ քայլը չառաւ, եւ գնդակը ամերիկեան վարչակազմի դաշտին մէջ է` փաստելու, որ զինադադարի հաստատման եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու նկատմամբ լուրջ է: Իրանէն ինքնազսպում պահանջելը անտրամաբանական է այն կացութեան մէջ, ուր իսրայէլեան վարչակարգը շրջանային ապահովութեան սպառնալիք կ՛ուղղէ», ըսաւ Քենաանի: