
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ Հայաստանի մշակութային բնագաւառին, ինչպէս նաեւ Արցախի ձեռագիրներու պահպանման աջակցութեան՝ նիւթական նոր յատկացում կատարելով։
Արդարեւ, 20 Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրեասեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի՝ պաշտօնատարներու, Շիրակի մարզի եւ Անիփեմզա բնակավայրի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեցին Երերոյքի պատմական պազիլիք տաճարը, ուր դեսպանին՝ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ տրուած 175,000 տոլար դրամաշնորհով կ՛իրականացուին պահպանման աշխատանքներ։
Այցելութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ Հայաստանի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման աջակցելու՝ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը։
Անդրեասեան կարեւոր նկատեց ցուցաբերուող աջակցութիւնը, որ կարելիութիւն կու տայ պահպանելու Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան եզակի կառոյցներէն մէկը՝ Երերոյքի տաճարը, որ ընդգրկուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ:

«Վերաիմաստաւորուած միջավայրում ներկայացնելով Հայաստանի հազարամեակների մշակոյթը, պատմութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ արուեստը՝ հնարաւորութիւն կ՛ունենանք այստեղ կազմակերպելու կրթական ծրագրեր, որոնք, անկասկած, նպաստելու են պատանիների եւ երիտասարդների զարգացմանը եւ մեր մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակմանը: Կարեւորում եմ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ձեռագրերի պահպանութեան աջակցութեան ծրագիրը, որը նախատեսւում է իրականացնել «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի գիտահետազօտական ինստիտուտի (հիմնարկի) հետ համատեղ: Վստահ եմ, որ սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը լինի շարունակական», նշեց Անդրեասեան ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանատան:
Քվինի նկատել տուաւ, որ մշակութային պահպանման ոլորտին մէջ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը ցուցանիշ է երկու պետութիւններուն միջեւ ամուր փոխգործակցութեան։
«Միասին մենք կը պահպանենք պատմութիւնը եւ կը նպաստենք փոխադարձ ըմբռնման եւ յարգանքի ձեւաւորման», դիտել տուաւ Քվինի։
Երերոյքի մէջ Քվինի յայտարարեց դեսպանի Մշակութային պահպանման հիմնադրամի նոր ծրագիրին մասին, որուն միջոցով 74,000 տոլար կը տրամադրուի Մատենադարանին՝ Արցախի հինաւուրց հայկական վանքերուն մէջ ստեղծուած հազուագիւտ ձեռագիրներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման նպատակով։
Դեսպանի մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի ֆինանսաւորումով Հայաստանի մէջ, 2005էն ի վեր իրականացուած են մշակութային պահպանման 15 ծրագիրներ՝ ընդհանուր առմամբ 1.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ։
Երերոյքի ծրագիրով նախատեսուած են պատերու ամրացումներ, քայքայուած քարերու փոխարինում, ջրահեռացման համակարգի ապահովում եւ յուշարձանի տարածքի բարեկարգում։