Ռուսիոյ Նովօ-Օարիովօ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Բոլորին քաջ յայտնի է, որ Ռուսիա, դժբախտաբար, այսօր պէտք է զէնքը ձեռքին պաշտպանէ իր շահերը եւ իր մարդիկը, սակայն այն, ինչը Միջին Արեւելքի եւ Պաղեստինի մէջ տեղի կ՛ունենայ, մեր կողմէ անուշադրութեան չէ մատնուած», Ապպասի հետ հանդիպումին սկիզբը ըսաւ Փութին` աւելցնելով. «Եւ կը հասկնանք, որ մենք ձեզի հետ հասարակաց դիրքորոշում ունինք՝ որ տուեալ հարցի արմատները կու գան հեռաւոր անցեալէն եւ կապ ունին նախապէս միջազգային կազմակերպութիւններու, նախ եւ առաջ ՄԱԿի մակարդակով որդեգրուած որոշումներու անտեսմումին հետ, որ իր կարգին կապ ունի անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հետ: Ռուսիան միշտ հանդէս եկած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի խաղաղ լուծման օգտին»:
Ըստ Փութինի՝ այս հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը «անփոփոխ է»: «Անիկա շատոնց ձեւակերպուած է եւ իրավիճակային բնոյթ չունի: Մենք կը կարծենք, որ շրջանին մէջ երկարատեւ, յուսալի եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է կատարել ՄԱԿի բոլոր որոշումները եւ, նախ եւ առաջ, ստեղծել պաղեստինեան լիարժէք պետութիւն մը», ըսաւ Փութին: