Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին կրկնեց իր ղեկավարին այն յայտարարութիւնը, որ եթէ Հայաստան չփոխէ իր Սահմանադրութիւնը, խաղաղութեան պայմանագիրը չի կնքուիր։
Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը քննարկած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ըստ անոր՝ Փաշինեան ժամանակ խնդրած է, որպէսզի կարենայ որդեգրել նոր սահմանադրութիւն մը:
Ալիեւի ներկայացուցիչին այս յայտարարութեան վերաբերեալ Factor.am-ը գրաւոր հարցում մը ուղարկեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ նշեց, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործը։
Նշենք, որ Ատրպէյճան յատկապէս խնդրայարոյց կը նկատէ Հայաստանի Սահմանադրութեան յղումը Անկախութեան հռչակագիրին, որ հիմնուած է «Խորհրդային Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» 1989ին տրուած որոշման վրայ․ Պաքու այստեղ տարածքային պահանջներ կը տեսնէ։
Յիշեցնենք, որ Մայիսին, Փաշինեան յանձնարարեց նոր Սահմանադրութեան նախագիծ մշակել եւ մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 2026 զայն հաստատել: