
Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկը (IEP) հրապարակեց «Ռազմականացման ընթացիկ միտումները» զեկոյցը, որուն մէջ կը նկարագրուի աշխարհի ռազմական արդիւնաբերութեան միտումները:
Ի շարս այլ բաներու, զեկոյցին հեղինակները հաշուած են ռազմական ծախսերը տարբեր երկիրներու պիւտճէներուն մէջ:
Ըստ զեկոյցին հեղինակներուն՝ ռազմական ոլորտը Հիւսիսային Քորէայի տնտեսութեան մէջ ամէնէն կարեւոր դիրքը կը գրաւէ (Համախառն ներքին արտադրութեան առնուազն 24 տոկոսը` 2023ի տուեալներով), կը յայտնէ «Ամերիկայի Ձայն»ը: Անիկա կը զբաղեցնէ Աֆղանիստանի ՀՆԱի (10 տոկոս), ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու` Օման (5.9 տոկոս), Ալճերիա (4.8 տոկոս), Մալի, Մարոք եւ Սէուտական Արաբիա (4.5ական տոկոս) Համախառն ներքին արտադրութեան մէջ։
Նախկին Խորհրդային Միութեան պետութիւններէն ցանկին վրայ ամէնէն բարձր դիրքերուն վրայ են Հայաստան (4.2 տոկոս) եւ Ատրպէյճան (3.8 տոկոս)։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ այս ցուցանիշը 2008ի հետ բաղդատած՝ աւելցած է 0.7 տոկոսով, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ 0.5 տոկոսով:
Օրինակ` Վրաստանի մէջ այդ ցուցանիշը ընդամէնը 1.3 տոկոս է։ Իսկ Ռուսիոյ մէջ այդ ցուցանիշը 2.4 տոկոս է, Թուրքիոյ մէջ` 0.7 տոկոս, Իրանի մէջ` 2.2 տոկոս:
Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան մէջ ռազմական ծախսերը 3.1 տոկոս են. 15 տարի առաջ այս ցուցանիշը կը հասնէր 4.7 տոկոսի: