
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան հաւանական թեկնածու Քամալա Հերիս Երեքշաբթի, 6 Օգոստոսին, Մինըսոթայի նահանգապետ Թիմ Ուալզը՝ իր կողքին ընտրարշաւին պայքար տանող փոխնախագահի թեկնածու նշանակեց:
60 տարեկան դեմոկրատական նահանգապետ Ուալզ Միացեալ Նահանգներու բանակի վեթերան է: Ան Մինըսոթա նահանգը դարձուց ազատական քաղաքականութեան ամրոց մը: Ան ծնած է Նեպրասքա նահանգին՝ Օմահայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող եւ 3500 հաշուող Ուեսթ Փոյնթ համայնքին մէջ:
Ուալզ եւ անոր կինը 1990ին փոխադրուեցան Մինըսոթա նահանգի հարաւը գտնուող Մանքաթօ քաղաքը, ուր Ուալզ դասաւանդեց ընկերային ուսման նիւթը Մանքաթօ Ուեսթ երկրորդական դպրոցին մէջ:
Ան 24 տարիներ ծառայած է Բանակի Ազգային Պահակագունդին մէջ՝ հասնելով յիսնապետ-հրամանատարի պաշտօնին: