Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան նախկին արտաքին գործոց նախարար (2013էն 2021), 2015ին մեծ տէրութիւններուն հետ հիւլէական համաձայնագիրի գլխաւոր բանակցող Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը նշանակեց ռազմավարական հարցերու գծով փոխնախագահ:
«Ձեզի յանձնարարուած է վերահսկել ազգային եւ միջազգային մեծ զարգացումները, ինչպէս նաեւ` թէ որքանո՛վ կը յաջողինք հասնիլ սահմանադրութեան նպատակներուն», ըստ պետական «Իրնա» լրատու գործակալութեան, նշանակման նամակին մէջ կ՛ըսէ Փեզեշքեան: