Նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ ուղղակի կապ հաստատած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: «Կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն ունիմ», Միջին Արեւելքի կացութեան անդրադառնալով՝ ըսաւ ան՝ աւելցնելով. ««Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը զինադադարի (Կազայի մէջ) հաստատման համաձայնութեան գոյացման չի նպաստեր»:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Պայտըն Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց Իսրայէլը հրթիռներէ եւ անօդաչու թռչող սարքերէ պաշտպանելու համար ամերիկեան զինուորական պաշտպանական նոր տեղակայումներու գործողութիւնները:
Պայտըն նշեալ զրոյցին ընթացքին քննարկեց նաեւ լարուածութեան մեղմացման եւ Լիբանանի հետ սահմանային շրջանին մէջ լարուածութեան ընդլայնումէն խուսափելու համար ընթացող ջանքերուն կարեւորութիւնը:
Պայտըն վերահաստատեց Իրանէն եւ անոր գործընկերներէն` «Համաս»ի, «Հըզպալլա»ի եւ հուսիներուն պէս ահաբեկչական խմբաւորումներէն բխող բոլոր սպառնալիքներէն Իսրայէլը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը:
Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կոչին միացած է նաեւ փոխնախագահ Հերիս:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր բրիտանացի պաշտօնակից Ճան Հիլին յայտնեց հետեւեալը. «Միջազգային Իսրայէլը Իրանէն եւ անոր դաշնակիցներէն պաշտպանելու համար դաշինք կազմելը կարեւոր է»:
«Տակաւին մեր իսրայէլացի գործընկերներուն հետ հետախուզական տեղեկութիւնները կը քննենք, եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի սպառնալիքները լուրջի կ՛առնենք», «Ֆաքս Նիուզ»ին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի: