Պաքու Փարիզէն դարձեալ պահանջեց ներողութիւն խնդրել Ողիմպիական խաղերուն՝ Հայաստանի պատուիրակութեան տողանցքին ընթացքին, պատկերասփիւռի ֆրանսական կայանի մեկնաբանին յայտարարութեան համար:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի` Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն արդէն ներողութիւն հայցեց Պաքուէն՝ «Ֆրանս-2» պատկերասփիւռի կայանի մեկնաբանին խօսքերուն համար՝ նոյնը պահանջելով նաեւ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն:
Յիշեցնենք, վերոնշեալ կայանի հաղորդավարը, երբ Սէն գետէն կ՛անցնէին հայ մարզիկները, ուղիղ եթերին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Հայերը, անշուշտ, մեր բարեկամներն են, եւ Հայաստան պատմականօրէն ֆրանսացիներու սիրտին մօտիկ երկիր է: Անցեալ տարին սուգի տարի էր Հայաստանի համար, երբ արձանագրուեցաւ Ղարաբաղի կորուստը. անիկա անցաւ Ատրպէյճանի բանակին ձեռքը»:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ֆրանսա՝ իբրեւ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիր, ներողութիւն հայցէ, եւ կը պահանջենք, որ Ատրպէյճանի դէմ նման քայլեր ապագային այլեւս չկրկնուին», Հաճիզատէի յայտարարութիւնը մէջբերեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը:
ՊԱՔՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Ասոր զուգահեռ, Պաքու նաեւ միջազգային հանրութենէն պահանջեց արդիւնաւէտ միջոցներ ՝ «ականներու սպառնալիքը» վերացնելու համար:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան յայտարարութիւնը յաջորդեց երկրի իրաւապահ մարմիններու հաղորդագրութեան, ըստ որուն, Ղազախի շրջանին մէջ չորս անձեր վիրաւորուած են ականի մը պայթումին պատճառով:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պնդեցին, որ պայթումը պատահեցաւ Ապրիլին, Հայաստանի կողմէ Պաքուի վերահսկողութեան յանձնուած գիւղերէն մէկուն` Ղըզլհաջիլիի մէջ:
«Ականներէ վիրաւորուողներու բարձրացող թիւը անհրաժեշտ կը դարձնէ միջազգային հանրութեան կողմէ արդիւնաւէտ գործողութիւններու ձեռնարկելը` այդ սպառնալիքը վերացնելու համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: