Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ եւ անոր թիկնապահներէն մէկը սպաննուեցան, երբ Թեհրանի մէջ անոնց նստավայրը հրթիռային յարձակումի ենթարկուեցաւ:
Հանիէ մէկ օր առաջ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած էր Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութեան:
«Համաս» այս յարձակումը որակեց «դաւաճանական» եւ յայտարարեց, որ անոր պատճառը «սիոնական նենգ յարձակումն է» եւ յայտարարեց, որ Հանիէի պաշտօնական յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ (Հինգշաբթի, 1 Օգոստոսին) Թեհրանի մէջ, իսկ թաղումը (Ուրբաթ, 2 Օգոստոսին)` Տոհայի մէջ:
«Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի արեան վրէժը լուծելը մեր պարտաւորութիւնն է, որովհետեւ ահաբեկումը մեր հողերուն վրայ կատարուեցաւ: Սիոնական ոճրագործ ու ահաբեկչական գոյացութիւնը այս յարձակումով ինքն իր վրայ բերաւ խստագոյն պատիժը», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի:
««Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման հակադարձութիւնը աւելի խիստ յատուկ գործողութիւններու ճամբով պիտի ըլլայ` ահաբեկումի ոգիին մէջ զղջում յառաջացնելու համար», յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Իրանի ներկայացուցչութիւնը:
«Իրան պիտի կրէ իր արարքներէն յառաջացող որեւէ մագլցումի հետեւանքները, եւ մեր կարելին պիտի ընենք մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ անվտանգութեան վերականգնման համար», իր կարգին յայտնեց Իսրայէլի կառավարութեան բանբերը: