Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ մագլցողական քայլերը դադրեցնելու եւ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու:
Ան Մոնկոլիոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Խաղաղութեան հաստատումը կը սկսի զինադադարով, եւ զայն իրագործելու համար նախ եւ առաջ բոլոր կողմերը պէտք է իրարու հետ խօսին եւ դադրին մագլցողական քայլերու դիմելէ»:
Պլինքըն «Սի.Էն.Էն.»ի հետ ալ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Միջին Արեւելքը դէպի յաւելեալ տագնապ կ՛ուղղուի, եւ «բոլոր կողմերը կը յորդորենք մագլցողական քայլեր չառնել»:
«Կազայի մէջ պէտք է զինադադար հաստատել, որովհետեւ անիկա պիտի բեկանէ բռնութեան շրջանակը եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ հանդարտութեան առաջնորդէ», ըսաւ Պլինքըն: