Վրաստանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ, Վրաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կիա Վոլսքի Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Վրաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այս մասին յայտնեց Վրաստանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը:
Խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը` ի դէմս Թենկիզ Շարմանաշվիլիի, Անթոն Օպոլաշվիլիի եւ Սամուէլ Մանուկեանի, հայ գործընկերներուն հետ այցելեց Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ Ախալքալաքի ու Կումուրտոյի թեմի տաճարը: Թեմի արքեպիսկոպոս տէր Նիքոլոզը հիւրերուն հետ շրջագայեցաւ թեմական թանգարանին մէջ եւ անոնց ներկայացուց թանգարանի հիմնադրութեան պատմութիւնը:
«Խորհրդարանի բարեկամական խմբի անդամների, ինչպէս նաեւ Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի տեղական մարմնի եւ Սակրեբուլոյի ներկայացուցիչների հետ ունեցած հանդիպումներում ընդգծուել է ինչպէս ներքին, այնպէս էլ արտաքին ուղղութիւններով միմեանց աջակցելը: Մենք ուրախ ենք, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն է դարձնում տարածաշրջանի հայ բնակչութեանը, եւ մենք մեր կողմից աջակցում ենք Վրաստանի կառավարութեանը` նախաձեռնած բոլոր գործերում», ըսաւ Ռուբինեան:
Հաղորդուեցաւ, որ Սամցխէ-Ջաւախք կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, բարեկամութեան խումբի անդամները հանդիպում ունեցան Ախալցխայի բնակչութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկուեցան Վրաստան-Հայաստան համագործակցութեան ներկայ ուղղութիւնները եւ կապերու ապագայ խորացման կարեւորութիւնը:
Կէորկի Վոլսքի իր խօսքին մէջ նշեց, որ պէտք է յատուկ կերպով ընդգծել այն հանգամանքը, որ վրացական կողմը շահագրգռուած է Հայաստանի կայունութեամբ։ «Դրացիները պէտք է լաւ իմանան իրարու հարցերը: Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերու կարգաւորման, որ շատ մօտ է վերջնական հանգուցալուծման: Հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք զանազան հարցեր, որոնց կարգին՝ խորհրդարանական համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւնները», ըսաւ Վոլսքի։
Ռուբինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: