Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ, ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի եռակի ախոյեան (2006, 2008 եւ 2012), աշխարհի 8րդ խմբային առաջնութեան յաղթող (2011) Վլադիմիր Յակոբեան նուաճեց Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Միացեալ Նահանգներու վեթերաններու մրցումի ախոյեանի կոչումը:
52ամեայ քրոսմայսթըրը, առանց որեւէ պարտութիւն կրելու՝ 9 կարելիէն շահեցաւ 7 միաւորներ: