Ըստ «Իզվեսթիա»ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչները աւարտած են համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութիւնը՝ աւելցնելով. «Պատմական ստորագրութիւնը» տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն:
«Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու իրաւական եւ տարածքային գերատեսչութիւններու փորձագէտներու շատ արդիւնաւէտ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կարելի եղաւ վերջնական տեսքի բերել համաձայնագիրին բնագիրը», ըսաւ Ռուտենքօ՝ աւելցնելով. «Մենք յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային ականատես պիտի ըլլանք այս իսկապէս պատմական իրադարձութեան»:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջերս Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած էր տնտեսական ու շրջանային շարք մը հարցեր, եւ միասին հաստատած էին երկու երկիրներու մտադրութիւնը` յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը առաւել ամրապնդելու` հասնելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին: