Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 26 Յուլիսին այցելեց «Մարգարա» մաքսային կէտը եւ ծանօթացաւ իրականացուած աշխատանքներուն:
Հայաստան-Թուրքիա «Մարգարա» մաքսային կէտը արդիականացուած է: Ծրագիրին համար ծախսուած է 1 միլիառ դրամ:
Պետական եկամուտներու նախագահ Ռուստամ Բադասեան եւ տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնել Սանոսեան ներկայացուցին կատարուած աշխատանքները: Փաշինեան հարցուց փոքր հատուածի մը նորոգութեան մասին։ Սանոսեան ըսաւ, որ միջին նորոգութեան աշխատանքները արագօրէն պիտի կատարուին: «Եթէ բացուի», նկատել տուաւ Փաշինեան:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ Անգարայէն կ՛ակնկալէ նոյնը. նախարարութիւնը այս հաստատումը կատարեց՝ պատասխանելով այս մասին «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի գրաւոր հարցումին։
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Երեւան Անգարայէն նոյն յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կ՛ակնկալէ, նաեւ` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող անձերու համար Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի բացման գծով:
Իսկ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման գծով արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ յստակ պայմանաւորուածութեան առկայութեան պարագային հանրութիւնը իրազեկ պիտի դառնայ յարմար ժամանակին: