
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ ազատագրական պայքարի տարեգրութեան մէջ անջնջելի թուական մըն է 27 Յուլիս 1983ը:
Աշխարհի ուշադրութիւնը Հայ Դատին վրայ սեւեռելու նպատակով, Հայ Յեղափոխական Բանակի անդամ հինգ տղաք` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան յարձակեցան Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ եւ ուժանակով պայթեցուցին ու օդը հանեցին շէնքը եւ այդպիսով իրենց գերագոյնը` դեռատի կեանքը նուիրեցին Հայ Դատին:
***
Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւնը սկսաւ Չորեքշաբթի, 27 Յուլիս 1983ի առաւօտեան ժամը 10:30ին:
Հինգ տղաքը դեսպանատան մօտ հասան պայթուցիկներով լեցուած երկու ինքնաշարժներով:
Անոնք նպատակադրած էին գրաւել դեսպանատունը եւ գերեվարել թուրք դեսպանը` այդ քայլով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ սեւեռելու համար:
Դեսպանատուն մտնելու փորձի ժամանակ բախում տեղի ունեցաւ պահակներուն հետ: Հրացանաձգութեան ընթացքին` ժամը 10:45ին, շէնքի դրան առջեւ զոհուեցաւ Սիմոն Եահնիեան:
Վաչէ, Սեդրակ, Արա եւ Սարգիս շտապեցին դեսպանատան շէնքին յարակից դեսպանին նստավայրը, ներխուժեցին շէնքէն ներս եւ գերեվարեցին հոն գտնուող դեսպանատան կցորդին` Օսման Օզթիւրքին կինն ու տղան: Դեսպանատան աղբիւրներուն համաձայն, դեսպանը Լիզպոն չէր գտնուեր:
Ժամը 11:30ին խումբը հեռաձայնով յայտարարեց, որ ոստիկանութեան միջամտութեան պարագային շէնքը պիտի պայթեցուի:
Փորթուգալի կառավարութիւնը` վարչապետ Մարիօ Սուարէշի գլխաւորութեամբ, արտակարգ նիստ գումարեց: Որոշուեցաւ ոստիկանական ուժ եւ հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժեր օգտագործել:
Ոստիկանութիւնը ժամը 12:15ին շրջապատեց թաղը եւ փակեց դեսպանատան երթեւեկի ուղիները:
Հայ վրիժառուները կցորդին վիրաւոր կինն ու զաւակը ազատ արձակեցին: Անոնք շէնքէն դուրս ելան:
Հայ Յեղափոխական Բանակը ժամը 12:30ին Փարիզի եւ Լիզպոնի քանի մը օրաթերթերու, տպագիր հաղորդագրութիւն մը ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Ազատասէր հայ երիտասարդները որոշած են անգործ չսպասել: Մենք ամէն ինչ կորսնցուցած ենք եւ այդ պատճառով որոշած ենք օդը բարձրացնել շէնքը ու մնալ փլատակներուն տակ: Ասիկա անձնասպանութիւն ու խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրաբերում` ազատագրական պայքարին: Թող միջազգային հանրութիւնը մեզ արկածախնդիր կամ ահաբեկիչ անուանէ` ոչինչ: Մենք որոշած ենք ուժի դիմել, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնն ու այլ երկիրներ, որոնք կը պաշտպանեն այդ իշխանութիւնը, կ՛ոտնահարեն հայ ժողովուրդին իրաւունքները: Հայ ժողովուրդը երկար սպասած է, որ միջազգային դատարանը գտնէ Հայկական հարցի լուծումը: Հայ ժողովուրդի կողմնորոշման միակ ելքը զինուած պայքար է: Նախնիներու ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ ապրիլն ու զարգանալը հայ ժողովուրդին իրաւունքն է»:
Դեսպանի բնակարանի շէնքին վերի յարկին մէջ ժամը 13ին հրդեհ բռնկեցաւ:
Ոստիկանութիւնը սեղմեց պաշարման օղակը եւ ժամը 13:45ին յարձակեցաւ շէնքին վրայ: Քանի մը վայրկեան տեւած հրացանաձգութենէ ետք լսուեցան ուժեղ պայթումներ:
Շէնք մտնելով, ժամը 14ին ոստիկանութիւնը փլատակներուն տակ գտաւ հայ վրիժառուներուն ածխացած դիակները:
Պետական աղբիւրներ ժամը 14:45ին պաշտօնապէս յայտարարեցին գործողութեան աւարտը` տեղեկացնելով, որ «խումբի անդամներ ռումբի պայթումով անձնասպան եղան»:
Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 1983ին, հինգ հերոսներուն մարմինները Լիբանան հասան:
Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Անոնց մարմինները Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ամփոփուեցան:
Լիզպոնի Հինգը Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու զաւակներ էին: Անոնք ծնած եւ մեծցած էին հայահոծ թաղամասերու մէջ: Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ նուիրումով, հայօրէն ապրելու ու արարելու տեսլականով, եւ սեփական ուժերով արդարութեան եւ իրաւունքի չափանիշները վերականգնելու առաջադրանքով, գիտակից մահուամբ անոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին ազատութեան բագինին:
Յաւերժ փառք անոնց անմեռ յիշատակին: