Կիրակի, 21 Յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, անսալով Դեմոկրատ կուսակցութեան շարք մը ներկայ եւ անցեալի ղեկավարներու կոչերուն՝ յայտարարեց, թէ որոշած է նախագահական ընտրապայքարէն դուրս գալ՝ աւելցնելով, որ պիտի զօրակցի փոխնախագահ Քամալա Հերիսին։
Աւելի ուշ, Հերիս յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը կը դնէ նախագահի պաշտօնին։
Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի հետ բանավէճին ընթացքին եւ անկէ ետք 81ամեայ Պայտընի սայթաքումները լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած էին անոր յաղթանակին հաւանականութեան շուրջ՝ նոր թեկնածու մը ընտրելու կոչերը ահագնացնելով։
Դեմոկրատ կուսակցութիւնը 19էն 22 Օգոստոսին տեղի ունենալիք իր համագումարին ընթացքին պիտի ընտրէ նախագահի իր թեկնածուն։