ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ՎԻԶԱՅԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովը 22 Յուլիսին առաջին անգամ ըլլալով հաստատեց Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եուրօ տրամադրելու որոշումը։
Տրամադրուելիք օգնութեան նպատակը Հայաստանի զինուած ուժերու կարողութիւնները բարձրացնելն է եւ ճգնաժամային ու արտակարգ իրավիճակներու մէջ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման ջանքերուն նպաստելը:
Պրիւքէսէլ շեշտեց, թէ որոշումը հիմնուած է Հայաստանի հետ ընդհանուր արժէքներուն վրայ, եւ ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման։ Անիկա նաեւ ունի Հայաստանի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու նպատակը, արագացնելու զինուած ուժերու գործունակութիւնը երկրին կողմէ միջազգային, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ռազմական առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն ընթացքին։ Ըստ նշեալ որոշումին՝ աջակցութեան ծիրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ գումարտակի չափով ստորաբաժանումի մը համար ամբողջական վրանային ճամբար մը ապահովել:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել շեշտեց, թէ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունի ապահովութեան երաշխաւորումը։
Պորել նշեց, որ Պրիւքսէլ շահագրգռուած Հայաստանի հետ իր երկխօսութիւնը ընդլայնելու՝ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ եւ խօսեցաւ Եւրոպական Միութեան գլխաւորած ապագայ առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն՝ Հայաստանի ապագայ մասնակցութեան հաւանականութեան մասին։
Նշենք, որ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը հիմնուեցաւ 2021ին։ Հիմնադրամը առիթ կու տայ Եւրոպական Միութեան նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կը միտին երրորդ պետութիւններու եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ռազմական եւ պաշտպանական կարողութիւններու հզօրացման:
Նոյն օրը, Եւրոպական յանձնաժողովը հաստատեց Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու գծով Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններու մակարդակով անցեալ շաբթուան որոշումը՝ կրկնելով, թէ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագրային պարտաւորութիւնները կրնան վերցուիլ միայն սահմանուած պայմաններուն ամբողջական կատարումէն ետք։ Հայաստան պէտք է էական բարեփոխումներ իրականացնէ այս նպատակին հասնելու համար։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն եւ անդամ երկիրներուն՝ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու եւ վիզայի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերեալ որոշումներուն առիթով:
«Մեծապէս ողջունում ենք պատմական որոշումները Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի ներքոյ Հայաստանին աջակցութեան տրամադրման եւ վիզայի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի վերաբերեալ։ Սա գործընկերութեան շատ կարեւոր հանգրուան է, գործընկերութիւն, որը խորանում է՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքների եւ սկզբունքների, ինչպէս նաեւ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան տեսլականի վրայ», կ՛ըսուի Միրզոյեանի հրապարակած խօսքին մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւս ողջունեց այս որոշումները։
ՊԱՔՈՒ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ
Պաքու քննադատեց եւ իր բողոքը յայտնեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Եւրոպական խաղաղութիւն բնաբանին տակ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու որոշման դէմ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, որ Պաքու այդ օգնութեան մասին թափանցիկ տեղեկատուութեան տրամադրումը կ՛ակնկալէ:
«Ասիկա շատ սխալ եւ վտանգաւոր քայլ է եւ կը ծառայէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումին: Եւրոպական Միութեան այսպիսի գործողութիւնները ակնյայտօրէն միակողմանի են եւ կողմնակալ ու կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ «բաժանարար գիծեր» ստեղծելու քաղաքականութեան դրսեւորում», յայտարարեց Հաճիզատէ:
Պաքու շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է վերջ դնէ «այնպիսի քայլերու, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ զէնքի եւ ռազմականացման քաղաքականութեան», հակառակ պարագային «պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Հայաստանի կողմէ կայունութիւնը վտանգելու գծով որեւէ սադրանքի համար»: