

Առաջին անգամ ըլլալով վաճառքի պիտի հանուի «Մոնոփոլի» հանրածանօթ խաղին՝ Հայաստանին պատշաճեցուած տարբերակը՝ Monopoly Armenia-ն:
Խաղը պատրաստուած է «Հասպրօ»ի, «Իմփէքթ Փրոմօ»ի եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբին համագործակցութեամբ:
Հեղինակները խաղին մասնակցողներուն կը խոստանան հետաքրքրական ճամբորդութիւն մը հայկական մշակոյթի, պատմութեան ու տեսարժան վայրերուն մէջ:
Այսպէս, խաղացողները Արարատ լերան մօտէն «կը սաւառնին» Երեւանի պողոտաները, ձեռք կը բերեն կալուածներ եւ կը կառուցեն իրենց հարստութիւնը եւ կը մրցին վերջնական յաղթանակին համար:
Խաղը կարելի է ձեռք բերել առցանց մինչեւ 30 Սեպտեմբեր, դիմելով հասցէին։