
Մեծն Բրիտանիոյ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին: Կարեւոր նկատուեցաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած ջանքերը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման շուրջ:
Ֆրանսայի նախագահը Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` անդրադառնալով Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքը, ըսաւ. «Շատ բնական է, որ դաշնակիցները զիրար զինեն` ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար»:
«Եթէ նայիք վերջին տասնամեակին, ապա պիտի տեսնէք, որ Ատրպէյճան շատ աւելի զինուած է, քան Հայաստանը: Եւ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, Ատրպէյճանն էր, որ 2020ին սարսափելի պատերազմի սկսաւ: Բնական է արձագանգել ինքնիշխան երկրի դիմումին, որ սպառազինութիւն կ՛ուզէ եւ կը նախազգայ, որ ուրիշ երկիր մը կրնայ յարձակուիլ իր վրայ», ըսաւ նախագահը:
Ան ընդգծեց, որ Փաշինեանէն երբեւէ չէ լսած պատերազմի կամ յարձակումի վերաբերեալ որեւէ մտադրութիւն: