
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան ընտրուեցաւ Պըրպենք-Կլենտէյլ-Փասատինա օդակայանի վարչութեան (BGPAA) նախագահ։
Նաճարեան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մէկ տարի, որուն ընթացքին պիտի ջանայ բարելաւել վարչութեան հովանիին տակ գործող «Հոլիվուտ Պըրպենք» օդակայանը, զայն յաճախորդներուն համար աւելի յարմարաւէտ դարձնելու նպատակով, միաժամանակ վստահ ըլլալու, որ անիկա նեղութիւններ չի պատճառեր շրջանի բնակչութեան։
Նշենք, որ նշեալ 9 հոգինոց վարչութեան անդամ են իւրաքանչիւր քաղաքի կողմէ նշանակուած երեքական վարչականներ։ Փոխադրական մարզին մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող Նաճարեան 2020ին նշանակուած էր վարչութեան անդամ։
9 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նաճարեան չորս առիթներով եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, իսկ 2003-2005ին եղած է Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ։
Նաճարեան Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական հարցերու վարչութեան (MTA, «Մեթրօ») անդամ է եւ անցեալին եղած է անոր ատենապետը։ Ան եղած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան՝ «Մեթրոլինք»ի անդամ եւ ատենապետը: