ՍՈՆԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ո՛չ թէ Դեկտեմբեր, այլ՛ Յունիս, Յուլիս ամիսներով ամավերջ, ուր հոս,հոն ու քիչ մը ամէն կողմ, տեղի կ՛ունենան դպրոցներու հանդէսներ ու վկայականներու բաշխումներ, որոնց մասին գրուած զանազան յօդուածներէն, ինծի համար, ամենայատկանշականը Պէյրութի Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս եղած հադէսի մասին, «Ես Մի Ծիլն Եմ Քո Արտի» խորագիրի հետ, գրական ոճով ու պատկերազարդ բացատրութեամբ, «Ազդակ» օրաթերթի մէջ, Յունիս 24, 2024ին լոյս տեսած յօդուածն էր, զոր չկրցայ անտեսել ու կարդացի մեծ յափշտակութեամբ։
Պատճառը… արդեօ՞ք շրջան մը Պէյրութի մէջ ապրած ըլլալու կարօտախտս էր, հաւանաբար մասամբ, բայց առաւելաբար ինծի համար բոլորովին անծանօթ վարժարանի մանկապարտէզպանուհի Շաղիկ Յովսէփեան Յարութիւնեանի վրաս ազդած պատգամն էր, ուղղուած՝ իր դասարանի շրջանաւարտ աշակերտներուն, որոնց կը ներշնչէր քաջութիւն, վճռակամութիւն, վստահութիւն, հասնիլ բարիին ու լաւին ու մանաւանդ՝ «յիշել մանկապարտէզի տարիներու սորվածները» յորդորի պէս այն խօսքը, ուր ապագայի հեռաւորութենէն դիտուած՝ վստահաբա՛ր օր մը չէ, օր մը իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ հոն եղածն ու չեղածը իր մէջ արթննալով՝ պիտի ապրի ու ապրեցնէ համով ու հոտով դէպքերու, դէմքերու ու գիտելիքներու ամբողջ շարան մը։
Մայրամուտի այս տարիքիս, անմիջապէս գլուխս երկու կողմի վրայ շարժուելով, կը փոխադրուիմ անցեալ, յիշողութեանս մէջ յաճախ չմոռցուելիք ու չհիննալիք օրեր կարծես նորէն գլուխ կը բարձրացնեն։
Յարգելի՛ Շաղիկ, վստահ եղիր,որ ինծի պէս, մանկապարտէզի մեր օրերու անուններով՝ Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշատերտներդ, այս հաստատութենէն ներս, երբե՛ք պիտի չմոռնան իրենց սորվածներն ու տեսածները. չէ՞ որ արաբական ժողովրդական առածը թարգմանաբար կ՛ըսէ․ «Գիտութիւնը մանուկ տարիքին, քարի վրայ փորագրութեան կը նմանի»։
Ու կրկին կարդաով յօդուածը, այս անգամ անզուսպ թռթռում մը կը պատէ հոգիս. մտածումներուս մէջ թաղուած՝ զարնուած եղնիկի մը պէս անհանգիստ, բայց վայրկեանի մը համար, ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր, ուժ կ՛առնեմ․ կարծես մինչեւ հիմա իմ մանկապարտէզիս մէջ ապրածս ու զգացածս արտայայտած չըլլալուս համար զիս հետապնդող խղճիս ձայնն էր, որ ինծի ուժ տալով ստիպեց, որ որոշեմ գրել, յիշելով ու յիշեցնելով, որ ես ալ հազիւ չորս տարեկան էի, երբ սկսայ Հալէպի Հայկազեան մանկապարտէզը յաճախել. օրուան մանկապարտէզպանուհին ճերմակ մազելով, բարձրահասակ, խստապահանջ, բայց բոլորիս կողմէ սիրուած տիկին Տասնապետեանն էր. մանկապարտէզի մեծ սրահէն ներս, յաճախ մեզ հաւաքած, դաշնակ կը նուագէր ան, ու մենք, քու աշակերտներուդ նման կ՛երգէինք հայերէնով ու նոյնիսկ արաբերէնով։
Մանկապարտէզ… անմոռանալի վայր… հոն է, որ մեր առաջին դաստիարակ ծնողներէն յետոյ, սորվեցանք մայրենի լեզուն, սորվեցանք կրօնք ու ազգութիւն, միշտ ու միշտ՝ «Հայ եմ ես, հայ եմ ես» արտասանելով ու երգելով, ու տակաւին սորվեցանք ինչե՜ր ու ինչե՜ր, որոնցմէ «Ա» տառով սկսող հնգեակն էր, որ մինչեւ այսօր չեմ մոռցած ու պիտի չմոռնամ տակաւին.
«Այ մամիկը միս կը տապկէ,
Մամի՛կ, կտոր մը տա՞ս ատկէ,
Մամիկը միսը չտուաւ,
Իսկ սեւ կատուն անիրաւ,
Միսը տարաւ ու կերաւ»։
Այս տողերուն նման ալ, յիշողութենէս չեմ կրցած ջնջել սրահին աջ կողմի պատին վրայ կախուած այն սրբանկարը, ուր երեք չարաճիճի մանուկներ Յիսուսը կը քարկոծէին․ ինք երեսը միւս կողմ դարցուցած էր, իսկ ըսած ու հոն գրուած՝ «թող որ մանուկները ուրախանան» խօսքը, իմ ու շատերու պզտիկ ուղեղին մէջ, վստահ եմ, առանց հասկնալու, առաջին օրէն իսկ, անզգալաբար մեծ տեղ գրաւած էր …։
Ըսեմ, որ օրին յիշած այդ արտասանութեանս այլաբանական իմաստն ու նկարին տակը գրուած տողերուն խորհուրդը ո՜ւր …, իսկ ես՝ ո՜ւր… անշուշտ որ չէի հասկցած զանոնք, միայն վերջն էր, որ մտքիս մէջ խմորուելով՝ ըմբռնեցի անոնց թելադրական իմաստը ու զանոնք ընկալելով միշտ գործածեցի կեանքիս մէջ ու ինքզինքիս ապահովեցի, ուրիշներէ կանուխ, հասունութիւն ու փորձառութիւն…
Ահաւասի՛կ, մանկապարտէզի մէջ սորվածիդ ու տեսածիդ առաւելութիւնները…։
Այսօր, այս ամէնը ինծի յիշեցնելու համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր ուսուցիչներուն, ընդհանրապէ՛ս եւ յատկապէ՛ս, Պէյրութի Ազգային Միացեալ վարժարանի կրթական մշակներուն․ հազար փառ՜ք, որ անոնք այսօրուան քաղաքական ու տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ, անխոնջ աշխատանքով, դաստիարակչական ու ուսումնակական, ողնաշար կուտան նոր սերունդին, երեք լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն թէ անգլերէն, արտասանելով, երգելով ու նոյնիսկ պարելով. ու այս ամէնը, սկսեալ՝ նախագահներու բերնէն բարձրացած, մինչեւ ամենայայտնի մտաւորականներու ու բանաստեղծներու կողմէ որակուած՝ ու գրի առնուած «Աստուածային դրախտ» Լիբանանին մէջ, երբ շրջապատուած է «Այ մամիկի անիրաւ սեւ կատուներով», որոնք դժբախտաբար, միս ուտելու իրենց ախորժակը չորս ուղղութեամբ սրած՝ այսօր սպառնալիք են նաեւ մեր հայրենիքին…։