Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Վրաստանի իր պաշտօնակիցին` Իրաքլի Չիքովանիի հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեց պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան` հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը իրարու ներկայացուցին նաեւ երկու երկիրներուն զինուած ուժերուն միջեւ ընթացող բարեփոխումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան մը՝ հանդիպումին աւարտին, ստորագրուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2024ի համագործակցութեան ծրագիրներու համձայնագիրները:
Աւելի ուշ Չիքովանի այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անոնց յիշատակին. Ան ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին առջեւ եւ ծաղիկներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: