Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան իր երկրի՝ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան առաջին 12 օրերուն ընթացքին արդէն իսկ մեծ վնաս հասցուցած է Եւրոպական Միութեան, յայտարարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի Հունգարիոյ (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդի նախագահութիւնը», յայտնեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պերլին ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ Օրպանի վերջին դիւանագիտական այցելութիւններուն, ներառեալ Չինաստան եւ Ռուսիա:
«Այսօր ընդամէնը 12 օր անցած է, սակայն անոր այցելութիւնները արդէն մեծ վնաս հասցուցած են», ըսաւ բանբերը:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը 1 Յուլիսին անցած էր Հունգարիոյ: Օրպան «խաղաղապահ առաքելութեամբ» նախ այցելեց Քիեւ, ապա Մոսկուա, այնուհետեւ Պէյժինկ, ուրկէ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն` ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու համար, որմէ ետք ան Ֆլորիտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Յիշեցնենք, որ Օրպան իր շրջապտոյտին ընթացքին, 6 Յուլիսին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին: