Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Տիգրան Խաչատրեան ընդունեցին Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Էրին Մըքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ հանդիպման սկիզբը Մհեր Գրիգորեան ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան իրականացման ընթացքը` անդրադառնալով վերջինիս քաղաքական, երթեւեկի, ուժանիւթի եւ այլ բաղադրիչներու: Կարեւոր նկատուեցաւ գործակալութեան աջակցութեամբ իրականացուող`«Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան թեքնիքական-տնտեսական իրագործելիութեան վերլուծումը:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ փոխադարձ շուկայի զարգացման եւ առեւտուրի խթանման կարելիութիւններուն մասին:
Անդրադառնալով Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն համար կայուն եւ արժանապատիւ կենսապայմաններ ապահովելու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն` Տիգրան Խաչատրեան ներկայացուց վերջիններուս բնակարանային ապահովութեան եւ գործի ապահովման վերաբերող աշխատանքները: Այս գործընթացին մէջ Խաչատրեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս աշխատանքի խթանման ուղղութեամբ:
Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին հանրային կառավարման բարեփոխումներու, թուային վերափոխման, ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ աղէտներու վտանգներու կառավարման ուղղութեամբ ձեւաւորուած համագործակցութեան վերաբերեալ:
Շեշտուեցաւ յատկապէս կարողութիւններու զարգացման եւ հիմնարկներու դիմադրականութեան բարձրացման կարեւորութիւնը: