
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են Հայ Դատի ամառնային «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրները, որոնք վեց շաբաթ պիտի տեւեն։
Այս տարուան ծրագիրներուն մասնակցողներն են՝ Ռընէ Վան Լիւվըն, Մանէ Դաւիթեան, Սապրինա Թոմարճի, Լորիկ Քորաճեան, Նարէ Ասէյեան, Մարալ Գրիգորեան, Վանա Յովսէփեան, Արմէն Պաղտասարեան, Անթրիանա Պիկիազեան, Աննա Լիկի եւ Ալիք Քալաճեան։
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած եւ Հայ Դատը ջատագովող այս երիտասարդները գործնական դերակատարութիւն պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն, նոյն ատեն անոնք արժէքաւոր փորձառութիւններ ձեռք պիտի բերեն։

Ծրագիրներուն մասնակցողները արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են։ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով, անոնք քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին՝ Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներուն իրավիճակը եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը։
Հայ Դատի վարժողական ծրագիրները համակարգող Կարէն Մկրտիչեան կը յայտնէ, թէ վերջին գրեթէ չորս տասնամեակներուն, հարիւրաւոր երիտասարդներ անցած են Հայ Դատի զանազան վարժողական ծրագիրներու բովէն, իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերելով հայութեան շահերը պաշտպանելու գործին եւ յաւելեալ ձիրքեր ձեռք ձգելով, այդ առաքելութիւնը շարունակած են իրենց կեանքին ընթացքին։