Թուրքիոյ քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց կամայականութիւնները` խոչընդոտելով դէպի Հայաստան թռիչքները եւ օդանաւերու ազատ տեղաշարժը, հաղորդեց «Հետք»ը:
Չորեքշաբթի, 10 Յուլիսին, Պելճիքայի Լիէժ քաղաքէն Երեւան թռչող Եթովպիական օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ 777 F6N» բեռնատար օդանաւը, անցնելով Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ օդային տարածքներէն, մտած էր Պուլկարիա, ուրկէ պէտք է անցնէր Թուրքիոյ օդային տարածքը, ապա հասնէր Երեւան:
Սակայն, թռիչքներուն առցանց հետեւող կայքերուն վրայ կարելի է տեսնել, որ Պուլկարիոյ երկինքին մէջ օդանաւը քանի մը շրջապտոյտ կատարած էր եւ, թրքական կողմէն մուտքի արտօնութիւն չստանալուն պատճառով շրջելով՝ ուղղուած դէպի Վիեննա, ուր միջանկեալ էջք կատարած էր, ապա վերադարձած Լիէժ:
Եթովպիական բեռնատար օդանաւը նախապէս թրքական քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը ունեցած էր Թուրքիոյ օդային տարածքէն դէպի Հայաստան անցնելու, սակայն վերջին պահուն թուրքերը դրսեւորեցին իրենց սովորական կամայականութիւնը, որուն պատճառով օդանաւը չկրցաւ Երեւան հասնիլ:
«Հետք»ը Հայաստանի քաղաքային թռիչքներու յանձնախումբէն տեղեկացաւ, որ նշեալ օդանաւը ունեցած է բոլոր անհրաժեշտ արտօնութիւնները, սակայն Թուրքիա վերջին պահուն արգիլած է իր երկիրը մտնել:
Աւելի ուշ, թռիչքը Ռուսիոյ եւ Վրաստանի վրայով եւ բնակաբար աւելի երկար ճամբայով հասաւ Երեւան։
Անցեալին եւս այսպիսի արգելքներ դրուած են, սակայն յատկանշական է, որ Թուրքիա չ՛ընդդիմանար գերմանական «Լուֆթհանզա»ի Ֆրանքֆուրթ-Երեւան- Ֆրանքֆուրթ թռիչքներուն, որոնք նմանապէս Թուրքիոյ վրայով կը կատարուին։