Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ բարեկամ եւ դրացի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ, անկասկած, պիտի ամրապնդէ զանոնք, իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Փութին հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահ ընտրուելուն առիթով շնորհաւորեց Փեզեշքեանը եւ յաջողութիւն մաղթած պետական պատասխանատու այս պաշտօնին վրայ: Փութին ընդգծեց, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այս յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին իր նախագահութեան ընթացքին եւ երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացուին:
Փութին անդրադարձաւ նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, յատկապէս ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներուն մէջ: Ան Փեզեշքեանը հրաւիրեց մասնակցելու Քազանի մէջ տեղի ունենալիք ՊՐԻՔՍի վեհաժողովին:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Փեզեշքեանի հետ: Ըստ Էրտողանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան՝ անոնց զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իրանի երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ քննարկուեցան շրջանային ու համաշխարհային հարցեր:
Էրտողան յայտնեց, թէ ինք վստահութիւն ունի բոլոր ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացման նկատմամբ` ընդգծելով անոնց պատմական խոր արմատները:
Էրտողան շնորհաւորեց Փեզեշքեանը նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց այս նոր պաշտօնին վրայ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյնպէս հեռաձայնեց Փեզեշքեանին՝ շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը եւ յաջողութիւններ մաղթած է։ Փեզեշքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիեւին՝ ուշադրութեան եւ շնորհաւորանքներուն համար եւ վստահեցուց, որ իր բոլոր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։ Իրենց զրոյցին ընթացքին, երկու նախագահները խօսեցան կրօնական եւ մշակութային արմատներու, բարեկամութեան ու եղբայրութեան վրայ հիմնուած Ատրպէյճան-Իրան յարաբերութիւններուն զարգացման մասին։