Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի յայտնեց, որ ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը գտնուին Գահիրէ` Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւններ ունենալու համար: Ան աւելցուց, որ տակաւին երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ կան:
Քըրպի ըսաւ, որ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզ եւ Միջին Արեւելքի հարցերու գծով ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ ՄըքԿըրք կը գտնուին Եգիպտոս` եգիպտացի, իսրայէլացի եւ յորդանանցի պաշտօնատարներու հետ ժողով գումարելու համար` աւելցնելով, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին քննարկումներ պիտի կատարուին:
Իր կարգին «Համաս» շարժումը յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն առջեւ խոչընդոտներ կը դնէ: Շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ միջնորդներուն կոչ ուղղեց՝ միջամտելու Նեթանիահուի խուսանաւումները եւ ոճիրները դադրեցնելու համար:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն մասնակցող իսրայէլացի պաշտօնատարներ անակնկալի մատնուած են՝ կարդալով Իսրայէլի վարչապետին «Համաս»ի հետ գործարքին շուրջ իր նախապայմաններուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւններէն` նշելով, որ Նեթանիահու բանակցութիւններուն առջեւ խոչընդոտներ կը դնէ: Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնեց, որ Նեթանիահու իր նախապայմաններուն շուրջ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է Եգիպտոսի հետ բանակցութիւնները խոչընդոտելու եւ գերիներու փոխանակման գործարքին յառաջընթացի կարելիութիւններուն վնասելու` աւելցնելով. «Այս վարմունքը անպատշաճ է եւ պիտի վնասէ գերիները տուն վերադարձնելու կարելիութիւնները»:
Քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթը նշեց, որ նայուածքները կ՛ուղղուին Տոհա եւ Գահիրէ, ուր որոշուած է շարունակել Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման գործարքի «դրական մթնոլորտի» պայմաններու մէջ քննարկումը, որ թերեւս «առկախ կէտերու» լուծման կրնայ հասցնել: «Մենք այս պատերազմը դադրեցնելու եւ երկու կողմերու գերիները ազատ արձակելու իսկական առիթի մը դիմաց կանգնած ենք», գրած է քաթարեան օրաթերթը:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտնեց, որ իր երկիրը վճռական է «Համաս» շարժումը անոր բոլոր փաղանգներով եւ կարողականութեամբ քայքայելու ու զայն ամէն տեղ հարուածելու: «Ասիկա բազմաթիւ ճակատներու վրայ մղուող եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ունեցող երկարատեւ պատերազմ է», ըսաւ Հալեւի: