Բարեկարգչական նկատուող Մասուտ Փեզեշքեան, յաղթելով Իրանի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին՝ ընտրուեցաւ երկրին 9րդ նախագահը։
Ըստ Իրանի ներքին գործոց նախարարութեան ընտրական յանձնաժողովին՝ նախնական արդիւնքներով Փեզեշքեան ստացաւ քուէներուն 53,7 առ հարիւրը, կամ՝ 16,384, 403 ձայներ, իսկ պահպանողական եւ հիւլէական թղթածրարի հարցով նախկին աւագ բանագնաց Սայիտ Ճալիլի՝ 13,538,179 քուէներ, կամ 44.3 տոկոսը։
«Բոլորին բարեկամութեան ձեռք պիտի երկարեմ։ Մենք այս երկրին ժողովուրդն ենք եւ պէտք է Իրանի յառաջդիմութեան համար բոլորին օգնութեան դիմենք», յայտարարեց նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան։ Ան Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջատագով է, բայց ծանօթ է, թէ երկրին արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր որոշումները կախեալ են գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիէն։
Իրանի Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգի Մահապատ քաղաքին մէջ ծնած 69ամեայ Փեզեշքեան մասնագիտութեամբ սիրտի վիրաբոյժ է։ Անոր հայրը Իրանի ատրպէյճանցի է, իսկ մայրը՝ քիւրտ։ Ան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է Թաւրիզէն եւ 2001էն 2005 եղած է առողջապահութեան նախարար։
Ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 49,6 տոկոս էր։