Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ, Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան համաժողովին մասնակցող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիա դժգոհ է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Արևմուտքի կեցուածքէն։
«Մենք անկեղծօրէն կը յուսանք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ներկայի բանակցային գործընթացը կը յանգեցնէ խաղաղութեան համաձայնագրին շուտափոյթ ստորագրութեան։ Այս ծիրին մէջ, մենք յատկապէս բարձր կը գնահատենք Ատրպէյճանի ամուր վճռականութիւնը եւ դրական մօտեցումը այս համաձայնագիրը կնքելու հարցին մէջ։ Բայց մենք դժգոհ ենք անհաւասարակշիռ վերաբերումէն արեւմտեան որոշ երկիրներու, որոնք բացայայտօրէն նախապատւութիւնը կու տան Հայաստանին եւ կ՛անտեսեն Ատրպէյճանի մտահոգութիւնները։ Մենք՝ իբրեւ թրքական աշխարհ, կը փափաքինք, որ այս գործընթացը յաջող աւարտ ունենայ», ընդգծեց Ֆիտան՝ աւելցնելով. «Պատմական առիթ ստեղծուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ միջազգային փոխադրական կարողութիւններուն վրայ»։