«ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ ՀՄԸՄ-Ի ԷՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՐԳԱԽՕՍԻՆ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ Է», ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի՝ Շաբաթ, 29 Յունիսի երեկոյեան ներկայ եղաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու աւանդական դարձած «Յաղթանակի պարահանդէս»ին, որ տեղի ունեցաւ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Առաջնորդ սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ դրուատեց աշխարհատարած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄի, ազգային, սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանին մէջ գործող միաւորին աշխատանքները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Նաւասարդեան խաղերը, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան՝ շարունակելով աւանդը, ըսաւ ան եւ սրտագինս շնորհաւորեց 47րդ տարուան խաղերուն բոլոր մասնակցողները, պատասխանատուները, ծնողները, կամաւոր աշխատողները, բարերարները եւ համայնքի զաւակները, իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
«Յաղթանակի պարահանդէս» բառակապակցութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որովհետեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿը հիմնական յատկանիշը եւ էատարրն է այս պատուաբեր միութեան, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Մէկ խօսքով՝ յաղթանակը հիմքն է ՀՄԸՄի էութեան, դաւանած կարգախօսին եւ համահայկական գործունէութեան», դիտել տուաւ առաջնորդը եւ յատկապէս ա՛յս առումով գնահատեց Նաւասարդեան 47րդ խաղերու նախագահ՝ տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան զոյգը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեզարդման ծրագիրներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ապա իր խնդութիւնը արտայայտեց այս տարեշրջանի «Տիպար ՀՄԸՄ»ական տիտղոսին արժանացած Արամ Պեքերեանին եւ սրահը լեցուցած բոլոր ՀՄԸՄականներուն ու աջակիցներուն մաղթեց անսպառ առողջութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ ներդրումը բերել՝ վասն Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ազգային, եկեղեցական եւ միութենական ծրագիրներու յաջողութեան: