Ատրպէյճան մերժեց համագործակցիլ Եւրոպական խորհուրդի Խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէին հետ: Կառոյցը պաշտօնական Պաքուի այդ քայլը որակեց Ատրպէյճանի կողմէ Խոշտանգումներու կանխարգիլման եւրոպական պայմանադրութեան խախտում:
«Կոմիտէն անկեղծօրէն փորձեց կառուցողական երկխօսութեան մը մէջ մտնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ` լուծելու այն հարցերը, որոնք կան Խոշտանգումներու դէմ եւրոպական պայմանադրութեան գծով», կ՛ըսուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:
Կոմիտէն կը պնդէ, որ երկար տարիներ Ատրպէյճանի շարք մը գերատեսչութիւններ, որոնց կարգին իրաւապահ կառոյցներ, կը մերժեն «քայլերու ձեռնարկել` կեանքի կոչելու Կոմիտէի երկարամեայ յանձնարարականները` դադրեցնելու խոշտանգումները»:
Եւրոպական խորհուրդին կից գործող կառոյցը մասնաւորապէս առանձնացուց Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող անձերու նկատմամբ վերաբերմունքը՝ շեշտելով, որ բանտարկեալները կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու` «ապտակել, բռունցքով հարուածել, ոտքով հարուածել, մահակներով կամ փայտ փայտերով հարուածել»:
«Բացի այդ, պատուիրակութիւնը ստացած է շիշերով բռնաբարութեան սպառնալիքներու, ելեկտրական ցնցումի կիրարկման մասին հաղորդումներ: Արձանագրուած են նաեւ ձերբակալուածներու հարազատներուն նկատմամբ հաշուեյարդարի սպառնալիքներ, որոնց կարգին՝ քրէական հետապնդման միջոցով», կ՛ըսուի Խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէի` Ատրպէյճանի վերաբերող զեկոյցին մէջ։
Պաքու դատապարտեց Եւրոպական խորհուրդի Խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէին յայտարարութիւնը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի դէմ կոմիտէին «աննախադէպ հրապարակային յայտարարութիւնը խոր ափսոսանք կը պատճառէ»։
«Կոմիտէն աննախադէպ որոշում տուաւ` առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան ամբողջութեամբ հրապարակելու 2022ի յատուկ այցելութեան արդիւնքներուն մասին զեկոյցը: Այս մօտեցումը անարդար է եւ անհիմն, ինչպէս նաեւ իրաւական տեսակէտէն հարցեր կը յառաջացնէ», յայտարարեց Հաճիզատէ: