Ինքնահռչակ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Հայաստանի դիրքորոշումը Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալուն գծով:
«Հայկական կողմին կոչ կ՛ուղղենք՝ կաղապարուած արտայայտութիւններ չօգտագործել Վրաստանի առասպելական տարածքային ամբողջականութեան մասին, ինչ որ կը հակասէ առարկայական իրականութեան», յայտարարեց Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Իլեա Տարչիաշվիլիի յայտարարութիւնները` իրարու տարածքային ամբոջականութիւնը յարգելու եւ պաշտպանելու մասին:
Սուխումի նաեւ ուշադրութիւն դարձուց ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի քուէարկութեան ընթացքին հայկական կողմի դիրքորոշման «լուրջ փոփոխութեան» վրայ` վրացի գաղթականներուն Աբխազիա եւ Հարաւային Օսիա վերադառնալու մասին բանաձեւին հարցով:
«Մտահոգիչ է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները առաջին անգամ ըլլալով կողմ քուէարկեցին նշեալ բանաձեւին, հակառակ այն հանգամանքին, որ Աբխազիոյ հայկական սփիւռքը կարեւոր դեր ունի մեր հանրապետութեան անկախութեան կայացման եւ ամրապնդման գործընթացին մէջ: Աբխազիոյ հայկական սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ մեր հանրապետութեան ականաւոր հայրենասէրներն են, որ աբխազ ժողովուրդին հետ կողք կողքի զէնքը ձեռքին պաշտպանած են մեր երկրի անկախութիւնը վրացի յարձակողներէն: Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ հետեւութիւններ կը կատարէ ստեղծուած իրավիճակին եւ նշեալ հարցով կ՛ուղղէ իր դիրքորոշումը», կ՛ըսուի ինքնահռչակ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: