Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը գրառում մը կատարեց «Էքս»ի իր էջին վրայ՝ շնորհաւորելով Հայաստանը եւ հայերը:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի ժողովրդավարութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Իբրեւ Հայաստանի բարեփոխումներու առանցքային գործընկեր` մենք հաստատուն աջակցութիւն կը յայտնենք ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրառումին մէջ: