
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկկուսակցական պատուիրակութիւնը գլխաւորող ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր 5 Յուլիսին Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։
Ազգային ժողովին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան այսօր դժուար դրացնութեան մէջ կը գտնուի, մարտահրաւէրներ կան բոլոր ուղղութիւններով։ Ըստ անոր՝ Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան՝ Հիւսիսային Քորէայի հետ, յարձակողական մօտեցում ունին աշխարհի այն հատուածին նկատմամբ, որ կը փորձէ ազատ շնչել եւ ժողովրդավարութեան մաս կազմել:
Ընդգծելով, որ Ռուսիա մեծ ներգրաւուածութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ, իսկ Իրան կը գտնուի Հայաստանի անմիջական դրացնութեան մէջ՝ ծերակուտական Ուիքըր ըսաւ. «Անոնք կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ ի չիք դարձնել ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնները, եւ Հայաստան այս հարցին մէջ մեծ վճռականութիւն եւ հաստատակամութիւն ցոյց կու տայ՝ այդ մէկը չարտօնելու համար»։
Շեշտելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը կը փափաքին խաղաղութեան համաձայնագիր մը տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, կ՛ուզեն որ անիկա վերջնականացուի եւ ստորագրուի, սահմանազատումը, սահմանագծումը աւարտի, ռազմագերիները ազատ արձակուին, սահմանները վերաբացուին, կատարուի մարդոց ազատ տեղաշարժ դրացի Թուրքիայէն եւ խթանուի տնտեսութիւնը` Ուիքըր յայտարարեց, որ այս հարցերուն մէջ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի կողքին է։
Ան նաեւ դիմեց Ատրպէյճանին` յորդորելով հասկնալ ազատութեան գինը եւ արժէքը: «Կ՛ուզեմ խօսքս յղել Ատրպէյճանի գործընկերներուն եւ ԵԱՀԿի միւս անդամներուն՝ զգուշացէ՛ք, թէ ինչի՛ կրնայ հասցնել միաւորումը Փութինի Ռուսիոյ հետ, զգուշացէ՛ք, որ ռուսական «մեծ արջը» անգամ մը եւս չփորձէ գերիշխող դիրք գրաւել նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն նկատմամբ», ըսաւ Ուիքըր:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պեն Քարտըն իր կարգին դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած է եւ կը փափաքի յառաջ մղել խաղաղութեան գործընթացը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ աւելցնելով, թէ Ուաշինկթըն աշխոյժ կերպով ներգրաւուած պիտի ըլլայ այդ գործընթացին մէջ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պատճառով կը ձգձգուի խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը եւ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի համաձայնեցումը՝ ըսաւ, որ Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիրին գծով որեւէ ձգձգում չկայ: «Մենք պատրաստ ենք այն ստորագրել: Այդ հարցը գտնւում է ադրբեջանական կողմի մօտ, գնդակը գտնւում է այնտեղ», նշեց Սիմոնեան։
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկկուսակցական պատուիրակութիւնը նախարար Միրզոյեանի հետ քննարկեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգային, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։
«Վերջին շրջանում ԱՄՆ հետ մենք ձեւաւորել ենք ակտիւ (աշխոյժ) երկխօսութիւն տարբեր մակարդակներում, եւ շատ կարեւոր է, որ մօտ մէկ ամիս առաջ կայացրինք համատեղ որոշում բարձրացնել մեր համագործակցութեան մակարդակը ռազմավարական գործընկերութեան», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան զարգացումը կը միտի նաեւ Հայաստանի դիմադրականութեան ամրապնդման, զոր հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ։
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Միրզոյեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման Հայաստանի տեսլականը, որոնց կարգին՝ դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով: Ատրպէյճանի հետ ընթացող գործընթացներու պարունակին մէջ, Միրզոյեան ընդգծեց 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ սահմանազատման գործընթացին շարունակականութեան ապահովման եւ բանակցուած խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան կարեւորութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնոյթի հարցերու:
Միրզոյեան եւ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանականները միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: