

Յուլիս 3ին, ՀԵՆԱՐ հիմնարկը եւ Պոսթընի համալսարանի Չոպանեան եւ Աւետիսեան բժշկութեան բաժանմունքը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ պաշտօնականացնելով ռազմավարական համագործակցութեան մեկնարկը՝ Հայաստանի մէջ առողջապահութեան նախնական խնամքի համակարգը բարելաւելու եւ բժշկութեան ու առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ կրթութեան նորարարական միջոցների ներդրելու նպատակով:
Համաձայնութիւնը ստորագրեցին ՀԵՆԱՐի համահիմնադիր եւ Հոգեբարձուներու խորհրդի նախագահ Արման Ոսկերչեան եւ Պոսթընի համալսարանի Չոպանեան եւ Աւետիսեան բժշկութեան բաժանմունքէն տոքթ. Արամ Խալիկեան։


Այս երկու կողմերը միասնաբար արդէն իսկ կ՛աջակցին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան նախնական խնամքի համակարգը վերափոխելու ծրագիրին, որ կ՛իրագործուի 2021-2026ին: ՀԵՆԱՐի նուիրուածութիւնը առողջապահութեան նախնական խնամքի համակարգին եւ բժշկական կրթութեան համակարգային փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պոսթընի համալսարանին ընտանեկան բժշկութեան բաժանմունքի համաշխարհային առողջապահական համագործակցութեան փորձը՝ առողջապահութեան նախնական խնամքի ոլորտէն ներս, առիթ կը հանդիսանան յատկանշական յաջողութեան հասնելու այս համագործակցութեան մէջ:
ՀԵՆԱՐ հիմնարկը հիմնուած է Հայաստանի մէջ առողջապահական համակարգի բարեփոխելու նպաստելու նպատակով։ Կառուցելով եւ հզօրացնելով գործընկերներու ցանցը, ՀԵՆԱՐի նպատակն է արիւնատար եւ կայուն կերպով ստեղծել աւելի բարձր արժէք, աւելի լաւ խնամք եւ, ի վերջոյ՝ աւելի լաւ առողջութիւն ներկայ եւ ապագայ հայ սերունդներուն համար: